Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան : ՄԱՅԻՍ 28֊Ը` ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿՈՉ

Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան : ՄԱՅԻՍ  28֊Ը` ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿՈՉ
shadow
Համազգային ցնծութեան օրն է այսօր: Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդի փառքին, յաղթանակին եւ ազատ ապրելու կամքին խորհրդանիշն է:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական պահերէն մէկն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը 28 մայիս 1918-ին

Aharon Shekerdemian

ՄԱՅԻՍ 28-Ը` ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿՈՉ...

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Այսօր մայիս 28 կը տօնենք աշխարհի բոլոր ափերուն:

Աշխարհացրիւ հայութեան սրտերը այսօր կը տրոփեն համանուագ: Սրտերը կը հաղորդուին միմեանց հետ այնքան, որքան ազգասիրութեան նուիրական զգացումը կրնայ ներշնչել:

Համազգային ցնծութեան օրն է այսօր: Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդի փառքին, յաղթանակին եւ ազատ ապրելու կամքին խորհրդանիշն է:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական պահերէն մէկն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը 28 մայիս 1918-ին: Պետականութեան վեց հարիւրամեայ բացակայութեան ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցին կը կատարէր ժողովուրդին տիրութեան ծանր պարտականութիւնը: Եւ ահա Աստուածաշունչի Արարատի երկրին փոքր մէկ հատուածին վրայ հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Պատմական ծանր ժամանակաշրջան մը: Աշխարհը կը տուայտէր Համաշխարհային Ա. պատերազմի բոցերուն մէջ: Սահմաններու վերաձեւաւորում տեղի կ՛ունենար…

Հայ ժողովուրդին առաջնահերթ օրակարգը կարելիութեան սահմաններուն մէջ, առաւելագոյն չափով հանրապետութեան սահմանները ընդարձակելն էր: Սխալ չհասկցուինք, ոչ թէ օտար պետութիւններու սահմաններուն մէջ թափանցելու միտում կար, այլ` սեփական պատմական հայրենիքի տարածքները ազատագրելու:

9 ապրիլ 1918-ին Անդրկովկասի ՍԷՅՄ-ը գումարեց արտակարգ նիստ: Նիստի ընթացքին Անդրկովկասը յայտարարուեցաւ անկախ եւ յարաբերութիւնները խզեց Ռուսիոյ հետ: Ստիպողական կատարուեցաւ այս քայլը Թուրքիոյ ճնշումներուն տակ: Սոյն նիստէն մէկուկէս ամիս ետք` 26 մայիսին տեղի ունեցաւ այլ արտակարգ նիստ մը` ՍԷՅՄ-ի վերջին նիստը: Կառոյցը ինքզինք յայտարարեց լուծարուած: Այդ նոյն օրը Թիֆլիսի խորհրդարանը Վրաստանը յայտարարեց անկախ հանրապետութիւն:

Վրաստանի անկախութեան հռչակումէն երկու օր ետք, հայոց Գանձակ քաղաքին (Գեանջա) մէջ (Ուտիքի նահանգ) ՍԷՅՄ-ի թաթարները (ազերի) Ազրպէյճանը (Իրանի Ատրպատական նահանգի անուանման աղաւաղուած ձեւ) յայտարարեցին անկախ հանրապետութիւն:

Այս ծանր պայմաններուն մէջ ի՞նչ կը մնար ընել Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին, եթէ ոչ Հայաստանը նոյնպէս յայտարարել անկախ հանրապետութիւն:

Բաւարար է յիշել Սիմոն Վրացեանի մէկ վկայութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Հայերս ռուսական իշխանութենէն դուրս անկախութիւն չէինք ըմբռներ»: Ան կը հաստատէ, որ անկախութեան գաղափարը ձեւով մը պարտադրուեցաւ հայերուն:

28 մայիս 1918-ին Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը Անդրկովկասի հայաբնակ շրջանները հիմք ընդունելով հռչակեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւն եւ ինքզինք յայտարարեց իբրեւ նորաստեղծ պետութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն:

Թիֆլիս գտնուող Հայաստանի ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք էր իր կազմով Երեւան փոխադրուէր: Կարելի չէր այս մէկը` ճանապարհներուն խափանուած ըլլալուն պատճառով: Շաբաթներով հաղորդակցութիւն կարելի չէր հաստատել Թիֆլիսի եւ Երեւանի Հայոց ազգային խորհուրդներուն միջեւ: Ի վերջոյ, յաղթահարուեցան թուրքերուն յարուցած արգելքները: 19 յուլիս 1918-ին, հանրապետութեան առաջին կառավարութիւնը Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ հասաւ Երեւան:

Ծանր պայմաններ ամէնուրեք:

Այդ բախտորոշ ժամանակներուն անհրաժեշտ էր ստեղծել պետական կառոյց: Սնունդ եւ կացարան ապահովել գաղթականութեան: Անհրաժեշտ էր կարգաւորել պարենաւորումը, ելեւմտական համակարգը, ստեղծել ազգային բանակ, հնազանդեցնել թաթար-ազերի խռովարարները, ստեղծել խորհրդարանական ժողովրդավարական հանրապետութիւն, մշակել նոր սահմանադրութիւն եւ զայն ներկայացնել խորհրդարանին, լուծել սահմանային վէճերը…

47 անդամ հաշուող Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը իր անդրանիկ նիստը գումարեց 1 օգոստոս 1918-ին:

Կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին հայ ժողովուրդի յամառ ջանքերուն շնորհիւ ընդարձակուեցան հանրապետութեան պետական սահմանները` ընդգրկելով Լոռի-Փամբակը, Ալեքսանդրապոլի գաւառը, Էջմիածինի գաւառի մէկ կարեւոր մասը, Սուրմալուն, Շարուր-Նախիջեւանը, Կարսի մարզը…

1920-ի ամրան, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները կ՛երկարէին մինչեւ Օլթիի ածխահանքեր, մօտաւորապէս 45 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն մը: Վարչականօրէն չորս նահանգներու բաժնուած էր նորաստեղծ հանրապետութիւնը` Արարատեան, Սիւնեաց, Շիրակ եւ Վանանդ:

Տառապանքներու բովէն անցած հայ ժողովուրդը, դարաւոր թշնամիին դէմ տանելով փայլուն յաղթանակներ եւ բռունցքուելով, ոչ միայն հիմնեց իր պետականութիւնը, այլեւ աստիճանաբար ընդարձակեց մեր հայրենիքին սահմանները:

Գործադրութեան դրուեցաւ տեղական ինքնակառավարման օրէնքը: Վերակազմուեցան քաղաքային ինքնակառավարման մարմինները: Ազգայնացուեցան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները: Արդարադատութեան մարմինները միայն օրէնքին կ՛ենթարկուէին: Տարբեր շրջաններու մէջ ստեղծուեցան հաշտարար ատեաններ: Պետութեան բոլոր գրագրութիւնները կը կատարուէին հայերէնով: Բանակը կը գտնուէր պետութեան անմիջական հոգատարութեան տակ:

Այս զարգացումներուն զուգահեռ, 10 օգոստոս 1920-ին կը կնքուէր Սեւրի դաշնագիրը, որ Տրապիզոնի ճանապարհով դէպի Սեւ ծով ելք ունենալու երաշխիքներ կու տար Հայաստանի Հանրապետութեան: Պետական սահմաններու մինչեւ 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր ընդարձակման կարելիութիւն մը կը ստեղծուէր: Կը թուէր, թէ յոյսի եւ լոյսի դուռ մը բացուած էր հայ ժողովուրդին առջեւ…

Դժբախտաբար Սեւրը մնաց թուղթի վրայ, մինչ Կովկասի տարածաշրջանը կը գտնուէր բոլորովին տարբեր իրականութեան առջեւ…

Մեր թշնամին լրբացած էր անարգել յառաջխաղացքով եւ արիւնածարաւ ախորժակներով: Հայաստան մնաց համայնավարական մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ…

Մենք երբեք չենք ուզեր որեւէ ժողովուրդի դէմ թշնամանք տածել: Բայց մեր թշնամիները պէտք է հասկնան, որ մենք եւս ապրելու իրաւունք ունինք: Հազարաւոր տարիներ մեր հայրենիքին մաս դարձած են մեզմէ խլուած Արեւմտահայաստանի նահանգները, Արցախը:

Ահա թէ ինչ միտք եւ գաղափար մեզի կը պատգամէ մայիս 28-ը: Համազգային խնդիրներու առջեւ պէտք է չքանան կուսակցական եւ մնացեալ բոլոր հաշիւները: Մինչեւ մենք իրար չհասկնանք, լիովին իրար ձեռք չմեկնենք ազգի, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի հետ կապուած ընդհանուր, համահայկական հարցերու շուրջ, իրաւունք չունինք օտարներէն սպասելու, որ հասկնան ու լսեն մեզ: Ընդհակառակը` կը նուաստանանք հանրային կարծիքին եւ պետութիւններու առջեւ… Զգաստանա՛նք: Թմբիրէն դուրս գալու համար բաւարար են Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնելու ոմանց մօտեցումները, Խորհրդային Միութեան Հայրենական պատերազմը ոտնակոխելու, «Երրորդ Ռայխ»-ի միջոցով Հայաստանը «փրկելու» տեսութիւնները:

Ուստի հաւաքենք մեր ուժերը, ներքին համերաշխութիւն գոյացնենք, համախմբուինք արժանաբար դիմաւորելու այն անակնկալները, որոնք խորհրդաւոր լռութեան մէջ կը պատրաստուին մեր հայրենիքին համար:

Փառք ու պատիւ բոլոր հայ դիւցազուններուն, բոլոր անոնց, որոնք ինկան մարտերու դաշտերուն մէջ: Անո՛նց, որ կանգուն կը պահեն մեր անկախ Հայաստանը: Անո՛նց, որոնք կը մարտնչին, որպէսզի ծնի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը: Անո՛նց, որոնց համար մայիս 28-ը եղած է եւ կը մնայ հիմնաքարը ապագայ ամբողջական Հայաստանին:

Related to category Socialism

Related to subcategory Social Democrat Hunchakian Party

Comment on Facebook

Comment on Disqus